2013-03-02 08:52:54

Գերպ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան` Պատրիարքական Պէյրութի թեմի Ընդհանուր Փոխանորդ


Յարգելի Գերապայծառ,
Նկատի ունենալով որ Պատրիարքական թեմը թափուր մնաց ընդհանուր փոխանորդէն, Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի անուանումով Առաջնորդ Ֆրանսայի թեմի, եւ նկատի ունենալով որ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագիրքը, կանոն թիւ 245, կը պահանջէ որ ամէն թեմին մէջ հաստատուի թեմին ընդհանուր փոխանորդ մը (Protosyncelle), եւ գնահատելով քու մէջդ հովուական փորձառութիւնը եւ համագործակցութեան ոգին, սոյն գրութեամբս քեզ կ'անուանեմ Պատրիարքական Պէյրութի թեմի Ընդհանուր Փոխանորդ, ըստ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագիրքի, թիւ 245էն 251 կանոններու:
Թո՛ղ Զմմառու Տիրամայրը քեզի պաշտպան ըլլայ եւ քեզ լուսաւորէ իր մայրական հոգածութեամբ, որպէսզի կարենաս լաւագոյն կերպով կատարել նշեալ կարեւոր պաշտօնը: Թո՛ղ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան բարեխօս ըլլայ քեզի համար Ամենակալն Աստուծոյ մօտ:
Հայրական օրհնութեամբ՝
+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն
Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.